2018-04-23 09:37:00

Միջադէպ` Սէուտական թագաւորական պալատին մօտ


Սէուտցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սէուտական ապահովական մարմինները շաբաթ օր մայրաքաղաք Ռիատի Խազամի թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին թագաւորական պալատները, կրակ բացած են անձնական նպատակներու համար օգտագործուող անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ:

Ան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը սարքի վար առնուելու միջադէպին ընթացքին չէր գտնուեր պալատին մէջ:

Սէուտական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Խազամի թաղամասի ապահովական անցակէտերէն մէկը նշմարած է անձնական նպատակներու համար օգտագործուող անօդաչու թռչող սարք մը, որ թռիչք կը կատարէր առանց արտօնութեան, ուստի անհրաժեշտ եղած քայլը առած է: Առնչակից կողմերը դէպքին շուրջ ձեռնարկած են հետաքննութեան:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.